2016-08-05 10:29:00

Աւստրիա յորդորած է Եւրոպական Միութեան` «ծունկի չգալու» Թուրքիոյ առջեւ


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց գերմանական «Շփիկըլ» օրաթերթին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ունի շարք մը պահանջներ` որեւէ երկրի քաղաքացիներու առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն տրամադրելու համար, իսկ Թուրքիան նման դրութիւն ստանալու հարցին մէջ Եւրոպա կ՛երթայ Եւրոպայի հակառակ ուղղութեամբ:

«Մենք պէտք չէ ծունկի գանք Անգարայի առջեւ, ընդհակառակն` մենք պէտք է ամրապնդենք մեր հիմնական արժէքները: Առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն հաստատելու համար կան յստակ չափանիշներ, եւ մենք պէտք չէ հրաժարինք անոնցմէ: Թուրքիա այժմ կը զարգանայ Եւրոպայէն ճիշդ հակադիր ուղղութեամբ», ըսած է ան:

Աւստրիական դիւանագիտութեան պետը նաեւ վտանգաւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան Թուրքիայէն կախեալութիւնը ապօրինի գաղթականները տեղահանուածներով փոխանակելու ծրագիրին ծիրին մէջ: «Կարելի չէ, որ մենք խոցելի դառնանք շանթաժի համար: Ես կը փափաքէի, որ Եւրոպան ըլլայ ուժեղ ու անկախ եւ կարենայ իր ուժերով լուծել գաղթականներու ճգնաժամը», ըսած է ան:

«Լենթա.ռու» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ վարչապետ Քրիսթիան Քեռնի կարծիքով, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները անհրաժեշտ է կասեցնել: Ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ մտադիր է այդ հարցը արծարծել սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին ընթացքին:

«Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ մենք հանդէս կու գանք ոչ թէ խնդրողի դերին մէջ, այլ իբրեւ մեծագոյն ներդրողներէն մէկը… Երկու կողմերն ալ ունին կորսնցնելիք բան: Ատիկա լաւ հիմք է բանակցութիւններու համար», ըսած է Քեռն:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ անդամակցութիւնը միութեան մօտալուտ չէ: «Ո՛չ հիմա եւ ո՛չ ալ հետագայ տասնամեակներուն ընթացքին: Պէտք է նայիլ ճշմարտութեան աչքերուն. անդամակցութեան մասին բանակցութիւնները այս պահուս ոչ աւելին են, քան երեւակայութիւն: Եւրոպային նոր ուղի անհրաժեշտ է», յայտարարած է Աւստրիոյ վարչապետը:

Քեռն այս հարցին մէջ լուրջ խոչընդոտ կը նկատէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները, այլ նաեւ Եւրոպայի համար անընդունելի նկատուող տնտեսական անհաւասարութիւնը, որ գոյութիւն ունի երկրին մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.